2012-09-14 13:23:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ժամանեց Լիբանան <<Հանդիպումի եւ Խաղաղութեան Երկիր>> ։


Համայն Լիբանանը Սրբազան Քահանայապետին կը սպասէ։ Լիբանանի բոլոր օրաթերթերու առաջին էջերը կ̓ անդրադառնան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք պատմական այցելութեան։
Բացառիկ հիւրի ժամանումը լիբանան` երկիրը մղեց մեծ պատրաստութիւններ տեսնելու լաւագոյն կերպով ընդունելու համար Սուրբ Պետրոսի յաջորդը։
Ճամբաներու տարածքին ամէնուրէք զետեղուած են Սրբազան քահանայապետը ներկայացնող մեծ պաստառներ <<Բարի Եկար Սրբազան Հայր>> գրութիւններով, արաբերէն, ֆրանսերէն ու հայկական շրջանի թաղամասերուն մէջ նաեւ` հայերէնով։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը այս խանդավառ մթնոլորտի մէջ ուրբաթ 13 սեպտեմբերին Մայրիներու երկիրը ժամանեց իր հետ բերելով խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամը։
Սրբազան Քահանայապետը ու անոր շքախումբը փոխադրող` Ալիթալիա ընկերութեան սաւառնակը, Լիբանանի Րաֆիք Հարիրի օդակայան հասաւ տեղական ժամով 13.45-ին։ Զինք դիմաւորեցին Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Էլ Րաի պատրիարքը` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման, վարչապետ Նաժիպ Միքաթի եւ Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պէրրի։
Բարի գալուստի արարողութիւնը սկիզբ առաւ քայլերգներով։ Բարի գալուստի խօսք արատասանեց Հանրապետութեան նախագահ ու ապա խօսք առաւ Պենետիտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւնը յայտնելով Նախագահին որ զինք հրաւիրած էր Լիբանան։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց լիբանան ճամբորդութեան կէտնպատակին որ է յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրի ստորագրութիւնը ու ապա անոր հրատարկումը եւ յանձնումը միջին արեւելքի եկեղեցիներուն։
<<Առաքելական յորդորագիրը>> որ ուղղուած է համայն աշխարհի <<ճանապարհային ուղեցոյց մըն է եկող տարիներուն համար – ըսաւ Սրբազան Հայրը – ապա գոհունակութիւն յայտնեց այս օրերուս կարելիութիւնը ունենալու հանդիպելու կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ ու անոնց հետ աղօթելու։ <<Անոնց ներկայութիւնն ու յանձնառումը ու անոնց վկայութեան ներդրումը առօրեայ կեանքին լիբանանի բոլոր բնակչութեան կողմէ ճանչցուած ու գնահատուած է։
Սրբազան Հայրը ապա ողջունեց քոյր եկեղեցիները ու նաեւ Իսլամ հասարակութեան Պետերն ու հաւատացեալները ու խօսքը եզրափակելով ըսաւ << ձեր երկրէն անդին այսօր եկած եմ բոլոր միջին արեւելքին համար որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր եւ Աստուծոյ բարեկամ ու բարեկամ շրջանի բոլոր երկիրներուն որեւէ կրօնի որ պատկանին։ Քրիստոս անոնց ալ խօսքը կ՜ուղղէ ըսելով <<Սալամի Օդիքոմ>> Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ։ Ձեր ուրախութիւններն ու ցաւերը միշտ ներկայ են Սրբազան Հօր աղօթքներուն մէջ վստահեցուց Սրբազան Հայրը։ Լիբանանը կը պատրաստուի ջերմ ընդունելութիւն մը ցուցաբերերլու` ընդունելութիւն մը որ վերապահուած է սիրուած ու յարգուած եղբօր մը ու կը համապատասխանէ լիբանանեան <<Ահլան Ուա Սահլան>> ի հիւրնկալութեան։ Արդէն այսպէս է եւ աւելիով պիտի ըլլայ, ուրախ եմ ներկայութեանս ձեր մէջ։ Թող Աստուած ձեզ օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.